login
Յօդուածներ
Ընկերային-Մշակութային Ձեռնարկ Նուիրուած Արենիին 11/01/2017

Առցանց միջոցառումներու ծրագիրը ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրի կարեւոր մէկ մասն է, որուն շնորհիւ ուսանողները կը ծանօթանան Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին, աւանդութիւններուն եւ տօներուն։ Այս ձեռնարկները այն տպաւորութիւնը կը հաղորդեն, որ իբր ուսանողները ֆիզիքապէս ներկայ են։ Բոլոր մասնակիցները կը հաղորդակցին իրարու հետ եւ զգացական կապ մը կը հաստատեն Հայաստանի հետ։

 

ՀՀՀ-ի անձնակազմը տարբեր նիւթերու շուրջ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, այսպիսով նպաստելով, որ առցանց կրթութիւնը հանդիսանայ իմաստալից եւ հաճելի։

 

Այսպէս, ՀՀՀ-ի անձնակազմը այցելեց Վայոց Ձորի Արենի գիւղը, ուր 2009-էն ի վեր, ամէն աշնան, տեղի կ՚ունենայ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող գինիի ամենամեայ փառատօնը, որուն ընթացքին գինեգործներն ու գիւղատնտեսները կը ցուցադրեն իրենց արտադրանքը։ ՀՀՀ-ի անձնակազմի անդամները այցելեցին գիւղատնտեսական շուկան, ծանօթացան գինեգործութեան աւանդոյթներուն եւ մասնակցեցան ժողովրդական շուրջպարին։ Այցելեցին նաեւ Արենի քարանձաւ, ուր յայտնաբերուած է աշխարհի հնագոյն կօշիկը եւ 6000-ամեայ գինեգործարանը։

 

Ապա, ՀՀՀ-ի անձնակազմը իր կատարած նկարահանումներու համաձայն պատրաստեց յատուկ տեսանիւթ մը, Արենիի մշակոյթն ու պատմութիւնը ուսանողներուն ծանօթացնելու համար։