login
Յօդուածներ
Փարիզի Հայկական Դպրոցներու Տնօրէնները Քննարկեցին ՀՀՀ-ի Հիպրիդ Ծրագիրը 11/20/2015
Նոյեմբերին, Փարիզ կատարած այցելութեան ընթացքին, ՀՀՀ-ի Հիմնադիր եւ Տնօրէն՝ Դոկտ. Ե. Զօրեանը ներկայ գտնուեցաւ ՀՀՀ-ի նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Մշակութային Կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ Փարիզի հայկական դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն: Հանդիպումը սկիզբ առաւ Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցչութեան Ատենապետ՝ Տիկ. Նատիա Գործունեանի ողջոյնի խօսքով, որուն յաջորդեցին տնօրէններու եւ ուսուցիչներու ողջոյնի խօսքերը, ուղղուած Դոկտ. Զօրեանին։ Դոկտ. Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը եւ գործունէութիւնը, յատկապէս անդրադառնալով ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրին: Ան շեշտեց ՀՀՀ-ի այս ծրագիրի արձանագրած յաջողութիւնները, հայկական գաղութներու բազմաթիւ դպրոցներու եւ կեդրոններու մէջ, ցոյց տալով առցանց եւ աւանդական կրթական համակարգերու առաւելութիւնները, որոնք զուգորդուած են կրթական այս ծրագիրին մէջ։ Ներկաները ոգեւորուած էին ՀՀՀ-ի գործունէութեամբ։ Անոնք շեշտեցին ՀՀՀ-ի ծրագիրներու կարեւորութիւնը ժամանակակից միջոցներով հայերէն լեզուն ու պատմութիւնը սորվելու զուգահեռաբար աճող ցանկութեան հետ։ Այս առումով, ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրը կրնայ շատ լաւ ձեւով բաւարարել պահանջքը, դպրոցներուն առաջարկելով կրթութիւն՝ նորարական եւ մուլթիմետիա միջոցներով: ՀԲԸՄ-ի շաբաթօրեայ դպրոցի, Դպրոցասէր եւ Հրանդ Տինք դպրոցներու տնօրէնները, որոնք հանդիպումին ներկայ էին, բարձր գնահատեցին հիպրիդ ծրագիրի հնարաւորութիւնները: Անոնք առաջարկեցին հետեւողական ըլլալ եւ 2016-ի Յունուար ամսուան ընթացքին կատարել գործնական հանդիպում մը, Փարիզի հայկական դպրոցներուն առցանց դասերէն օրինակներ ներկայացնելու եւ հայկական դպրոցներուն մէջ հիպրիդ ծրագիրի կիրարկումի հնարաւորութիւնները քաննարկելու համար : Հանդիպումը հասաւ իր աւարտին ՀՀՀ-ի հիպրիդ կրթութեան մասին աւելի իրազեկ դառնալու եւ այլ վարժարաններու հետ եւս համագործակցելու յոյսով։