login
Յօդուածներ
Սիտնիի Կիրակնօրեայ Վարժարանը Կը Մասնակցի Հիպրիթ Կրթութեան Ծրագիրին 12/19/2017

Սիտնիի շաբաթօրեայ վարժարանը ուսումնական տարեշրջանը պիտի սկսի ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրով։

 

2017-ի Հոկտեմբերին, ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Միհրան Լեփէճեանը ՀՀՀ-ի ծրագիրը ներկայացուց Սիտնիի շաբաթօրեայ վարժարանին, որ դրական արձագանգ ստացաւ դպրոցի տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն կողմէ։ Ուսանողներուն տրամադրուեցաւ փորձնական դասընթացք, որ լրացաւ Դեկտեմբերի կէսերուն։

 

4 Նոյեմբեր 2017-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեանը եւ կրթական բաժնի տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը ծնողներուն հետ մասնակցեցան առցանց հանդիպման, որուն ընթացքին խօսեցան ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին եւ առցանց դասընթացքներու մասին։ Ծնողները առցանց մէկ դասին ներկայ գտնուելէն ետք, նկատեցին, որ ՀՀՀ-ի ծրագիրը հայերէն սորվելու համար շատ լաւ միջոց է։ Շաբաթօրեայ վարժարանի աւարտական հանդիսութեան ընթացքին այս բոլորին մասին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ։ Հանդիպման մասնակից ծնողներէն մէկը խօսեցաւ ՀՀՀ-ի մասին եւ աւելի քան 110 ներկաներ ՀՀՀ-ի դասերու նկարները եւ տեսանիւթերը տեսնելու հնարաւորութիւնը ունեցան։ Այսպիսով, Աւստրալիայէն դպրոց մը եւս պիտի միանայ ՀՀՀ-ին։

 

Նշենք, որ «Լոյս» շաբաթօրեայ դպրոցը ծրագիրին միացած է 2017-ի աշնան։ Ուսանողները յաջողութեամբ աւարտած են սկսնակ մակարդակէն մինչեւ խօսակցական մակարդակի արեւմտահայերէնի դասընթացքը։ Իսկ, Գալստաուն ճեմարանէն խումբ մը կը մասնակցէր արեւմտահայերէնի երեկոյեան դասընթացքներուն։ Բոլոր դասընթացքները պիտի վերսկսին 2018-ի Փետրուարին։