Հայկական Համացանցային Համալսարանը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Եւ INALCO-ի Համատեղ Կազմակերպած Համաժողովին
09/21/2015
Հայկական Համացանցային Համալսարանի ակադեմական տնօրէն Դոկտոր Յասմիկ Խալափեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ն միջազգային համաժողովին, որ կը կրէր «Նորարարութեան Խթանումը Կրթութեան Մէջ. Արեւմտահայերէնի Ուսուցման Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները 21-րդ Դարուն» խորագիրը: Համաժողովը կազմակերպուած էր Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի եւ Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու ինիստիտուտի (INALCO) համատեղ ջանքերով: Փարիզի մէջ, Սեպտեմբեր 21-ին եւ 22-ին տեղի ունեցած համաժողովը, համախմբած էր աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած կրթական ոլորտի մասնագէտներ, ուսուցիչներ եւ գիտական աշխատողներ, քննարկելու համար արեւմտահայերէն լեզուին ուսուցման նոր շունչ հաղորդելու եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելու կարեւոր հարցը:
Դոկտոր Յասմիկ Խալափեան հանդէս եկաւ ուշագրաւ ելոյթով, որ կը կրէր «Տեղեկատուական Եւ Հաղորդակցական Ճարտարագիտութեան Կիրառումը Արեւմտահայերէնի Դասաւանդման Մէջ. ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի Ներդրումը » խորագիրը: Ան նշեց , որ անհրաժեշտ է ընդունիլ ուսանելու ոճերու տարբերութիւնը՝ աւագ եւ կրտսեր սերունդներու միջեւ : Ընդգծեց, որ այսօրուան երիտասարդ սերունդին ուսուցման նոր, աւելի արդիական մօտեցում ցուցաբերելը, ըստ ուսանողի ցանկութեան, անհրաժեշտ է: Ներկայացնելով համաշխարհային առցանց ուսուցման վերաբերեալ իր տեսական եզրակացութիւնները, վիճակագրական տուեալները եւ ՀՀՀ-ի փորձառութիւնը այս ասպարէզի մէջ` Դոկտոր Խալափեանը փաստեց, որ նորագոյն ճարտարագիտութիւնը կրնայ լուծել այս խնդիրը` նպաստելով արեւմտահայերէնի վերականգնման ու պահպանման աշխատանքներուն: