Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՀՀՀ-ը միշտ կը համագործակցի ուսումնական տարբեր հաստատութիւններու հետ: Կրանատայի համալսարանի հետ համագործակցութիւնը սկսած է 4 տարի առաջ: Դոկտ. Ե. Զօրեանի Կրանատա կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած են քննարկումներ, նոր ծրագիրներու մասին:
Առաջին համագործակցութիւնը հաստատուած է համալսարանի թարգմանչական բաժինի հայ ուսանողներու նախաձեռնութեամբ, որոնք փափաքած են ներառել ՀՀՀ-ի հայերէնի առցանց դասընթացքները, իբրեւ երրորդ օտար լեզու։ Համագործակցութեան համաձայն, 2013 –էն ի վեր, ՀՀՀ-ը արեւելահայերէնի առցանց դասընթացքներ կը տրամադրէ Կրանատայի ոչ միայն հայ, այլեւ՝ օտար ուսանողներուն: Դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտած ուսանողներուն Կրանատայի համալսարանը վարկանիշներ կը տրամադրէ. այս մէկը կը խթանէ ուսանողներուն, որ արձանագրուին ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն:
Դոկտ. Զօրեանի վերջին այցելութեան շնորհիւ, առկայ կապերը աւելի ամրապնդուեցան: Համալսարանի Թարգմանչական Բաժինի տնօրէն՝ Էնրիքէ Կիէրօ Սրվիուսը, փոխ-տնօրէն՝ Ժան Հենտրիք Օփտենհոֆը եւ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ՝ Դոկտ. Ե. Զօրեանը քննարկեցին համագործակցութեան նոր ոլորտներու հնարաւորութիւնները, նկատի ունենալով, որ երկու կողմերու համար ալ ծրագիրը շահաւէտ է:
ՀՀՀ-ի տրամադրած ներգործօն ծրագիրի շնորհիւ, զգալիօրէն բարձրացած է համալսարանականներու ուսումնական մակարդակը: ՀՀՀ-ը, անգամ մը եւս արձանագրեց արդիւնաւէտ համագործակցութիւն՝ եւրոպական այս հռչակաւոր հաստատութեան հետ: