Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
12 Դեկտեմբեր 2019-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Ե. Զօրեան այցելեց Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարան։ Ան հանդիպում ունեցաւ հոգեշնորհ Տէր Մովսէս Վարդապետ Սարգսեանի, ծրագիրներ համակարգող Արմէն Մարգարեանի, հայկական եկեղեցւոյ փոխ երէց Սունիլ Սոպդիի եւ Նուէր Սարգսեանի հետ։ Անդրադառնալով Հնդկաստանի հայկական համայնքի գործունէութեան՝ քննարկուեցան Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ ճեմարանի համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։
Այցելութեան ընթացքին, դոկտ. Զօրեան հանդիպում ունեցաւ աւագ դասարաններու աշակերտներուն հետ։ Բարձր գնահատեց ճեմարանի անձնակազմի աշխատանքը՝ յատկապէս հայ ինքնութեան պահպանման առումով։ Առաւել նշեց այն զգալի փոփոխութիւնը, որ տեղի ունեցած է 2005-ին կատարած այցելութենէն ետք։
1821-ին Կալկաթայի մէջ հիմնուած Հայոց մարդասիրական ճեմարանը սփիւռքի ամենահին հաստատութիւններէն է։ Համարեա՛ 200 ամեայ պատմութիւն ունեցող այս ճեմարանը մեծ դեր ունեցած է՝ հայկական մշակոյթը պահպանելու առումով։
Դոկտ. Զօրեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց հայկական կրթութիւն ստանալու անհրաժեշտութիւնը, առաջարկելով համագործակցիլ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հետ։
Փետրուար 21-ին, ՀՀՀ-ը կազմակերպեց առցանց ձեռնարկ մը, նուիրուած Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան։ Ձեռնարկի ընթացքին ճեմարանի ներկայացուցիչները խօսեցան սփիւռքի մէջ հայոց լեզուն պահպանելու համար իրենց ունեցած ներդրումին մասին։