ՀՀՀ-ի Համագործակցութիւնը Տալլասի Ս. Սագիս Շաբաթօրեայ Դպրոցին Հետ
07/23/2015
ՀՀՀ-ի եւ Տալլասի Ս.Սարգիս շաբաթօրեայ վարժարանի համագործակցութեան հնարաւորութեան շուրջ քննարկումներ կատարուելէ ետք, 23 Յուլիս 2015-ին, ՀՀՀ այցելեց վարժարանի տնօրէն Մարալ Ազնաւուրը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ յետագայ համագործակցութեան ծրագիրը, որուն համաձայն ՀՀՀ-ի դասընթացքները ներառուեցան վարժարանին մէջ, 2015-ի աշնանային ուսումնական շրջանի ընթացքին:
Մարալ Ազնաւուրը ՀՀՀ-ի մասին արդէն տեղեկութիւն ունէր: Հանդիպումի ժամանակ մանրամասն ծանօթացաւ դասընթացքներուն եւ փափաքեցաւ ՀՀՀ-ի պատմութեան եւ մշակոյթի (ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն) դասընթացքները կիրառել վարժարանին մէջ: Խոստացաւ, նաեւ, նպաստել հիպրիդ ծրագիրի զարգացմանը։
ՀՀՀ-ի անձնակազմը պատրաստակամութիւն յայտնեց պատշաճեցնել ՀՀՀ-ի դասընթացքները Ս. Սարգիս վարժարանի պահանջքներուն, նկատի ունենալով դպրոցի կարիքները եւ պայմանները: Այս առումով, արդէն արձանագրուած են յաջողութիւններ տարբեր դպրոցներու մէջ եւ Ս. Սարգիս վարժարանը համալրեց տուեալ շարքը։
Մարալ Ազնաւուրը նշեց, որ ՀՀՀ-ն կը կատարէ հոյակապ աշխատանք՝ հայերէն լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը պահպանելու համար: Խանդավառ էր ու պատրաստակամ՝ աւելի շատ հայեր ներգրաւուելու Տալլասի գաղութէն: Խանդավառութիւնն ու նուիրուածութիւնը շատ տպաւորիչ էին եւ խոստմնալից` ՀՀՀ-ի քարտէզին վրայ նոր համայնք մը ձեւաւորելու առումով: