login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Մասնակցեցաւ «Ճատրակը՝ Դպրոցներու Մէջ» Միջազգային Համաժողովին 10/17/2014
Հոկտեմբեր 17-ին, Հայկական Համացանցային Համալսարանը մասնակցեցաւ « Ճատրակը Դպրոցներու Մէջ » վերնագիրը կրող միջազգային համաժողովին եւ ներկայացուց ճատրակի դասաւանդման իր ոճը։ Հայաստանի մէջ, քանի մը տարիէ, արդէն, ճատրակը ներառուած է դպրոցական կրթական ծրագիրէն ներս, իբրեւ պարտադիր դասանիւթ։ ՀՀ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութեան, Ճատրակի Միջազգային Միաւորումի (ֆետերացիա), Հայաստանի Ճատրակի Միաւորումի եւ Հայաստանի ճատրակի Ակադեմիայի կազմակերպած համաժողովին մասնակցած էին մօտաւորապէս 180 ներկայացուցիչներ՝ աշխարհի 30 երկիրներէն: ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց ճատրակ սորվելու եւ դասաւանդելու ՀՀՀ-ի առաջարկած ոճը, նշելով, որ դասընթացքը անվճար է։ Ան պարզեց այս դասընթացքի իւրայատկութիւնը՝ նկատի ունենալով իր մատուցման եղանակն ու համապարփակ ըլլալը: Ապա ցոյց տուաւ, թէ օնլայն ուսուցիչը կը վարէ դասընթացքը, գործնական աշխատանքներ կատարելով , խաղեր եւ օնլայն մրցանքներ կազմակերպելով։ ՀՀՀ-ի ճատրակի դասընթացքը հետաքրքրասէրներու լայն շրջանակ մը ունի: Իբրեւ վկայութիւն կրնանք նշել, աշնանային ուսումնական շրջանին, Գահիրէի ( Եգիպտոս ) մէջ կազմակերպուած ճատրակի դասընթացքը , որուն մասնակցողները համալրեցին ՀՀՀ-ի ճատրակի ուսանողներու շարքը։