Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Պելճիքայի ամենամեծ ֆրանսախօս ուսումնական հաստատութիւնը, Լուվենի կաթոլիկ համալսարանը, իր ուսումնական ծրագիրը համալրեց ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներով: Ուսումնական այս տարեշրջանէն սկսեալ համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինի շրջանաւարտները, իրենց մասնագիտական կրթութիւնը շարունակելու հնարաւորութիւնը պիտի ունենան հետեւելով ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի, պատմութեան կամ մշակոյթի առցանց դասընթացքներուն։ Լուվենի կաթոլիկ համալսարանի եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) միջեւ այս նոր համագործակցութիւնը հաստատուեցաւ Երեւանի մէջ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրով՝ 1 Սեպտեմբեր 2018-ին։
Արարողութեան ընթացքին, Լուվենի կաթոլիկ համալսարանի պատուոյ տեսուչ եւ հայագիտութեան բաժինի ղեկավար փրոֆ. Պերնարտ Կուլին նշեց. «Լուվենի կաթոլիկ համալսարանը, 1425-ին հիմնուած Պելճիքայի ամենամեծ ֆրանսախօս ուսումնական հաստատութիւնն է: Մեր արեւելագիտութեան բաժինէն ներս արդէն մօտաւորապէս 200 տարիէ կը դասաւանդուի հայագիտութիւն»։ Ի դէպ, նախապէս ուսումնական ծրագիրը ներառած էր միայն գրաբարը, այժմ արդէն ծրագիրը կը համալրուի ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի դասընթացքներով։
ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ դոկտ. Ե. Զօրեանը ըսաւ. «ՀՀՀ-ը ուսումնական առցանց միակ հաստատութիւնն է, որ կը դասաւանդէ 7 լեզուներով եւ կը տրամադրէ հայկական կրթութիւն՝ ակադեմական չափանիշներու համաձայն»։ Ապա աւելցուց. «Մենք հպարտ ենք եւ ուրախ ենք, որ այս համագործակցութեան շնորհիւ պիտի կրնանք տարածել հայագիտութիւնը՝ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը ներկայացնելով համալսարանի ուսանողներուն»։
Ապա, փրոֆ. Կուլին հաստատեց. «Դոկտ. Զօրեանի հետ մեր առաջին հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն առցանց դասաւանդելու գաղափարը եւ այսօր արդէն դարձաւ իրականութիւն։ Մեր ուսանողները կրնան արձանագրուիլ եւ մասնակցիլ դասընթացքներուն՝ ՀՀՀ-ի կողմէ ստանալով մինչեւ 15 վարկանիշ (credit)»:
Այս համաձայնագրի շնորհիւ, առցանց դասընթացքներէն բացի, համալսարանի ուսանողները կրնան հետեւիլ ՀՀՀ-ի կրթական տարբեր ծրագիրներուն. անոնք կրնան մասնակցիլ առցանց ձեռնարկներուն, քննարկումներուն, կրնան նաեւ skype-ով կապ հաստատել հեռավար ուսուցիչներու եւ այլ ուսանողներու հետ։ Բայց, դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները ՀՀՀ-էն իրենց ստացած գնահատականները պարտին փոխանցել Լուվենի համալսարանին:
Արարողութեան աւարտին, դոկտ. Զօրեանը շեշտեց. «Այս գործակցութիւնը օրինակելի է եւ պէտք է նման կապեր հաստատել առաջատար ուսումնական այլ հաստատութիւններու հետ եւս»։
Նշենք, որ նախապէս ՀՀՀ-ը համագործակցած է տարբեր համալսարաններու հետ, արձանագրելով բարձր յաջողութիւններ. այդ համալսարաններէն են՝ Կրանատայի համալսարանը (Սպանիա ), Լիզպոնի համալսարանը (Փորթուկալ) եւ Մաքքուերի համալսարանը (Սիտնի):