Պուլկարիան Կը Շարունակէ Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ
09/28/2015
28 Սեպտեմբեր 2015 –ին, Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետուհի Սոնիա Աւագեան- Պետրոսեանը եւ Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքէն Ռիչարտ Մակինաճեանը այցելեցին ՀՀՀ: Խօսեցան Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի ‹‹Հայլեռ›› կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս ՀՀՀ-ի հիպրիդ կրթութեան ծրագիրի արձանագրած յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ յետագայ համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին:
ՀՀՀ-ի հիպրիդ կրթութեան ծրագիրը ‹‹Հայլեռ›› կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ կիրարկուեցաւ 2014 –ին: Ծրագիրին մասնակցեցան 20 աշակերտներ, հետեւելով արեւելահայերէնի դասընթացքին: Հիպրիդ ծրագիրը ամուր հիմք ստեղծեց դպոցի հետ յետագայ համագործակցութեան եւ նոր նախագիծերու իրականացման համար: Սոնիա Աւագեան- Պետրոսեանը, ՀՀՀ-ի կրթական բաժինի տնօրէն Յասմիկ Խալափեանին եւ ՀՀՀ-ի հիպրիդ կրթութեան ծրագիրի համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանին հետ խօսեցաւ ծրագիրի շարունակական իրագործման մասին: Շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀՀ-ի անձնակազմին, իր նուիրուածութեան, նորարարական ծրագիրներուն եւ ընկերային-մշակութային ձեռնարկներուն համար, որոնք կ՚ամրապնդեն ուսանողներուն կապը՝ մայր հայրեիքին հետ:
Ռիչարտ Մակինաճեանը խանդավառ էր։ Իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց, իրականացնելու ծրագիրը՝ Մարսէյլի հայկական վարժարանին մէջ: Խոստացաւ սերտել հնարաւորութիւնները եւ գործնական առաջարկներով դիմել ՀՀՀ-ին:
Ամբողջ աշխարհէն, մեծ թիւով դպրոցներ եւ գաղութներ կը փափաքին միանալ ՀՀՀ-ի հիպրիդ դպրոցներու ցանցին, որպէսզի օգտուին առկայ եւ առցանց ուսուցման առաւելութիւններէն: