login
Յօդուածներ
«Արի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցները Այցելեցին ՀՀՀ 08/20/2016
ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան եւ ՀՀՀ-ի միջեւ կայացած երկարատեւ համագործակցութեան ծիրէն ներս, ՀՀՀ-ը հիւրընկալեց «Արի Տուն» ծրագիրի մասնակիցները։ Այս տարի ՀՀՀ այցելեցին 800 մասնակիցներ։ Կազմակերպուած ութը այցելութիւններու ընթացքին, ներկաները ծանօթացան ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրներուն։ Անոնք մասնակցեցան հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած հարցում-պատասխան խաղին, որ մշակուած էր ՀՀՀ-ի աշխատակիցներուն կողմէ։ Մասնակիցները հեռացան, յետագային, ՀՀՀ-ի առաջարկած ծրագիրներու միջոցով հայագիտական ոլորտը ուսումնասիրելու մտադրութեամբ։