login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ել. Գիրքերը՝ Երեւանի Հանրային Դպրոցներէն Ներս 03/22/2017

ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը աշակերտները կ՚օգտագործեն թէ՛ իբրեւ ընթերցանութեան գիրքեր, թէ՛ կրթական նպատակներով: Այս գարնան, ՀՀՀ-ը շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի դպրոցներուն հետ: Թիւ 136 եւ 108 դպրոցներու աշակերտները ել. գիրքերուն ծանօթանալէ ետք, յաճախ սկսան օգտագործել այդ գիրքերը:

ՀՀՀ-ի շնորհիւ, 22 Մարտ, 2017-ին, Երեւանի թիւ 108 հանրային դպրոցի աշակերտները եւ ուսուցիչները ծանօթացան ել. գիրքերու հրաշալի աշխարհին, գրաւիչ յատկանիշներուն եւ դասարանէն ներս կիրառելու հնարաւորութիւններուն: Իսկ, Երեւանի թիւ 136 դպրոցի աշակերտները բացայայտեցին ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու աշխարհը՝ 23 Մարտ, 2017-ին: Ել. գիրքերու շարքի հարուստ բնոյթը եւ ներգործօն յատկութիւնը հետաքրքրեցին երիտասարդ ընթերցողները, իսկ, ուսուցիչները անմիջապէս նկատեցին այն առաւելութիւնները, որոնցմէ կրնան օգտուիլ ամէնուրեք. թէ՛դպրոցէն ներս, թէ՛դպրոցէն դուրս:

Ել. հրապարակումներու հանդէպ հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ, որ այսօր, նոր սերունդի ընթերցողները, նմանատիպ նորարար գիրքերու կարիքը ունին: