login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Այցելութիւնը Ռոստով 11/11/2014
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) միայն օնլայն դասընթացքներ չի տրամադրեր, այլ նաեւ իր հիպրիդ ծրագիրով կը զուգորդէ աւանդական եւ օնլայն կրթութիւնը։ Այս մեթոտը շատ յարմար է աշխարհի վրայ տարածուած այն հայ գաղութներու եւ դպրոցներու համար, որոնք կը փափաքին նորարարական կրթական միջոցներ ներառել ուսումնական ծրագիրներուն մէջ։ Հիբրիդ ծրագիրին հետեւող 18 դպրոցներ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն: 11 Նոյեմբեր 2014 –ին, ՀՀՀ-ի անձնակազմը այցելեց Ռուսաստանի Ռոստով քաղաքը գտնու ող ՀՀՀ-ի լսարանը, ուր դասերը կ՚ընթանան շաբաթական երկու անգամ դրութեամբ։ Հիպրիդ դասարանը պատրաստուած է արհեստագիտական անհրաժեշտ բոլոր սարքաւորումներով: Այցելութեան ժամանակ ՀՀՀ –ի օնլայն ուսուցիչ՝ Ովսաննա Ճորոխեանը, Ռոստովի հայկական գաղութի անդամներուն ներկայացուց ՀՀՀ-ի վերջին նորութիւնները եւ ծրագիրները։ Ներկաները ծանօթացան ՀՀՀ-ի վերջին նորամուծութիւններէն՝ ՀՀՀ–ի հեռուստադպրոց նախագիծին, որ հնարաւորութիւն կու տայ սփիւռքահայերուն՝ սորվիլ իրենց մայրենի լեզուն: Անոնք, մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցին ‹‹ Հայկական Բարձրաւանդակ ›› վերնագիրը կրող ՀՀՀ-ի առաջին ելեկտրոնային գիրքը, որը համապարփակ տեղեկութիւն կու տայ Հայաստանի աշխարհագրութեան եւ պատմութեան մասին` հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Գիրքը յագեցած է բազմաբնոյթ տեղեկութիւններով, վառ լուսանկարներով, տեսահոլովակներով եւ քարտեզներով: ՀՀՀ ճատրակիի ծրագիրը եւս ներկայացուեցաւ հիւրերուն: Ճատրակի օնլայն դասաւանդման միջոցը մեծ հետաքրքրութեամբ ընդունուեցաւ բոլորին կողմէ: Աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին ակնյայտ դարձաւ, որ ուսանողները մեծ հաճոյքով եւ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին հիպրիդ դասընթացքներուն՝ հակառակ իրենց զբաղուածութեան: Ապա, ուսանողները խօսեցան իրենց տպաւորութիւններուն մասին եւ ներկայացուցին ուսումնառութեան գործընթացքը: Հանդիպման աւարտին ներկայ ռոստովահայերը իրենց բարեմաղթանքները յղեցին լսարանին եւ ՀՀՀ-ի անձնակազմին: Անոնք մաղթեցին, որ ՀՀՀ-ն աւելի ընդարձակէ իր աշխատանքային ոլորտը եւ աւելցնէ հիպրիդ դասարաններու թիւը, տարբեր գաղութներու մէջ, ստեղծելով աշխարհի ամենամեծ հայկական համայնքը: