login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ն Կը Ներկայացնէ Ճատրակի Առցանց Ծրագիրը ԱՄԷ-ի Պատուիրակութեան 02/18/2015
18 Փետրուար 2015-ին, Հայաստանի Ճատրակի ակադեմին կը հրաւիրէ ՀՀՀ-ը, ներակայացնելու համար ճատրակի առցանց ծրագիրը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ժամանած ՖԻԴԵ-ի պատուիրակներուն: Հանդիպումի ընթացքին ՀՀՀ-ի ակադեմական բաժինի տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը խօսեցաւ ծրագիրի նպատակներու մասին եւ հիւրերուն հետ քննարկեց համագործակցութեան հեռանկարները: Պատուիրակները ծանօթացան ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց միջոցներուն, հնարքներուն, ինչպէս նաեւ առցանց ուսուցման առաւելութիւններուն: Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, կլոր սեղանի շուրջ։ Մասնակիցները ներկայացուցին իրենց փորձերը ։ Անոնք հետաքրքրուած կը լսէին առցանց կրթութեան առանձնայատկութիւններուն մասին: ԱՄԷ-ի Ճատրակի Ֆետերացիայի Նախագահ Պրն. Սաիտ Ալ Մեկպալին, իր աշխատակազմի անդամներուն պէս, տպաւորուած էր ՀՀՀ-ի առաջարկած ճատրակի առցանց ուսուցման հնարաւորութիւններով: