login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Կը Շարունակէ Օնլայն Միջոցառումներուն Շարքը 02/19/2013
«Օտար լեզուն կեանքի ուրիշ տեսլականն է»: Ի զուր չէ, որ ՀՀՀ օնլայն միջոցառումններուն մասին մտածելու ժամանակ Ֆեդերիքօ Ֆելինիի այս խօսքերը կը յիշենք: Այս միջոցառումներուն շնորհիւ ՀՀՀ ուսանողները ոչ միայն հայերէն կը սորվին, այլ նաեւ կը զգան եւ կ’ապրին հայու կեանքով` իմանալով հայկական աւանդութիւնները, մշակոյթը եւ արուեստը: ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը 2013 թուականի Ձմեռնային ուսումնական շրջանին կազմակերպեց երկու օնլայն միջոցառում՝ «Բարեկենդան» եւ Ամերիկահայ նկարիչ Արշիլ Կորկիի կեանքի եւ ստեղծագործութեան պատմութիւնը։ Այս միջոցառումները, որպէս ուսումնական ծրագիրի կրթական եւ հետաքրքրական յաւելումներ, ամեն ուսումնական շրջանին իրենց թիւը կ’աճի: Քրիստոնէական տօներէն մին, Պահքէն առաջ նշուող «Բարեկենդան» ի տօնը շատ զուարճալի եւ ուրախ անցաւ, յատկապէս ՀՀՀ օնլայն ուսուցիչներուն կողմէ պատրաստուած միջոցառման շնորհիւ: Միջոցառումը թատերականացուած էր` նկատի առնելով տօնի ժամանակ անցկացուող հանդիսութիւնները եւ աւանդութեան ոգին: Այդ օրը, ըստ աւանդութեան ՀՀՀ օնլայն ուսուցիչները եւ ուսանողները ծպտուեցան։ Ուսուցիչները իրենց պատրաստած «Ակլադիզը» ցոյց տուին ուսանողներուն` սոխով եւ հաւի փետուրներով պատրաստուած է եւ տօնին խորհրդանիշ տիկնիկն է, տօնին նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ երգեր ներկայացուցին, ինչպէս նաեւ տօնին բնորոշ կերակուրներու եւ անուշեղէններու բաղադրութիւնները տուին։ Լիբանանցի ուսանող Նայ Ալ-Հըլուն նշած է. «Մինչ օնլայն միջոցառումը «Բարեկենդան»-ը ինծի համար բառ մըն էր, որը ես չէի հասկնար: Միջոցառման ժամանակ արդէն ես իմացայ ամեն ինչ: Յոյս ունիմ, որ օր մը կարելիութիւն կ’ունենամ մասնակցելու այդ տօնին, որովհետեւ այն իսկապէս շատ հետաքրքրական է եւ «Լաւ կեանք» կը նշանակէ»: Արշիլ Կորկիին նուիրուած օնլայն միջոցառումը ուսանողները խանդավառ ձեւով ընդունեցին: Անոնց հետաքրքրութիւնը այնքան մեծ էր, որ աւելի շատ տեղեկութիւններ փափաքեցան փնտռել եւ գտնել մեծ արուեստագէտի կեանքին եւ ստեղծագործական աշխատանքին մասին։ Որոշ ուսանողներ զարմացան, երբ իմացան որ ամերիկեան գեղանկարչութեան հետպատերազմեան շրջանին վերացական նկարչութեան հիմնադիրը ծագումով հայ եղած է: Օնլայն ուսուցիչները առիթ տուին ուսանողներուն հիանալ Կորկիի գործածած երանգներով եւ գոյներով: Կորկիին վրձինին զարկերը ոգեշնչուած է իր կորսուած հայրենիքով, Վանա լճի լազուրով, իր ծննդավայրի հրաշակերտ բնութեամբ: Ռուսիայէն Հենրի Իսրայէլեանը գրած է. «Ես հիացած եմ իր մեծ տաղանդով, իր ստեղծագործութիւններուն մէջ հայկական հողը ներկայացնելու հմտութեամբ: Իր ծննդավայրը միշտ իր յիշողութեան մէջ մնաց»: Ուրիշ ուսանող մը `Ամերիկացի Ուիլեամ Լուիզը, այսպէս խօսեցաւ Կորկիի կեանքին եւ արուեստին մասին. «Իր աշխատանքին եւ ընտանիքին նուրուածութիւնը արտացոլուած էր իր «Նկարիչն ու Իր Մայրը» կտաւին մէջ, որը Կորկիի համար այդ մէկը միշտ ալ անաւարտ էր: Արշիլը զարմանալի կեանք մը ապրեցաւ, որն ալ ցաւօք շատ շուտ վերջացաւ»: ՀՀՀ նախորդ օնլայն միջոցառումնները ներառեցին այցելութիւններ Հայաստանի նշանաւոր թանգարանները, պատմական եւ մշակոյթային նշանակութիւն ունեցող վայրերը, օնլայն պտոյպ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի փողոցներով եւ այլ վայրեր: Այս միջոցառումները ոչ միայն կը հարստացնէ ուսանողներուն հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ ունեցած իրենց գիտելիքները, այլ նաեւ շփման կարելիութիւն կու տայ՝ ստեղծելով ընդհանուր միջավայր մը: ՀՀՀ-ն այս միջոցառումներուն ցանկը կը շարունակէ ընդլայնել` լսելով ուսանողներուն կրթական կարիքները եւ իրենց ակնկալիքներն ու պահանջները: