ՀԲԸՄ-ի Ամառնային Ծրագիրի Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ- Հիպրիթ Ուսուցումի Լաւագոյն Փորձը
07/31/2016
Այս ամառ, ՀԲԸՄ-ի Ամառնային Ծրագիրին հետեւող 18 մասնակիցները ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին հետեւելով հարստացուցին արեւմտահայերէնի իրենց գիտելիքները:
Ծրագիրը սկիզբ առաւ Յունիս 20-ին եւ իր աւարտին հասաւ Յուլիս 29-ին: Մասնակիցները, ըստ լեզուի մակարդակի, բաժնուեցան երկու խումբի: ՀՀՀ-ի ուսուցչուհիներ՝ Անի Տեկիրմէնճեան եւ Զեփիւռ Խպլիկեան, ամբողջ դասընթացի տեւողութեան, հետեւեցան ուսանողներուն:
Ծրագիրի աւարտին, ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին, ՀՀՀ-ի Կրթական Բաժինի Տնօրէն Դոկտ. Յասմիկ Խալափեան, դասընթացը յաջողութեամբ ամբողջացուցած մասնակիցներուն յանձնեց վկայագիրներ: Ուսանողները նշեցին, որ կը փափաքին շարունակ հետեւիլ ՀՀՀ-ի դասընթացներուն:
Յատկանշական էր մասնակիցներու հանդիպումը ՀՀՀ-ի Հիմնադիր եւ Նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին հետ: Երեւանեան գեղեցիկ եւ հանգստաւէտ վայրերէն մէկուն մէջ, մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին, Դոկտ. Զօրեան աւելի մօտէն ծանօթացաւ մասնակիցներուն: Անոնք խօսեցան իրենց գաղութային կեանքի եւ յետագայ ծրագիրներուն մասին:
Չորս տարիէ ի վեր, ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացը, Հայաստան ժամանած ՀԲԸՄ-ի Ամառնային Ծրագիրին հետեւող մասնակիցներուն կրթական նախագիծի անբաժան մէկ մասն է: Անոնք, առիթը կ՛ունենան սորվելու եւ կիրարկելու հայոց լեզուն, ստանալով առցանց եւ հիպրիթ ուսուցումի փորձառութիւնը: