login
Յօդուածներ
ԱՄԷ- Երկարատեւ Գործակցութիւն 04/11/2016
ՀՀՀ-ի եւ Շարժայի Օհաննէսեան հայկական դպրոցի միջեւ համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ 2009-էն, ՀՀՀ-ի հիմնադրութեան առաջին օրէն։ Առաջին անգամ ՀՀՀ-ն իր ծրագիրը ընդարձակեց, ներգրաւելով դպրոցներ։ Այդ օրէն, Օհաննէսեան դպրոցը հանդիսացաւ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի օրինակելի մասնակիցներէն մէկը։ Դպրոցի կրթական յանձնախումբի նախկին ղեկավար՝ Հրաչ Պռունսուզեանի շնորհիւ եւ նախկին տնօրէն՝ Նշան Պասմաճեանի նախաձեռնութեամբ, դպրոցը սկսաւ համագործակցիլ ՀՀՀ-ի հետ, ՀՀՀ-ի պատմութեան դասընթացքը կիրառելով երկրորդականի բաժինին մէջ։ Նշան Պասմաճեանը կը հաստատէ. « ՀՀՀ-ի հետ համագործակցութիւնը, դպրոցին համար, հրաշալի փորձառութիւն էր։ ՀՀՀ-ի առցանց ծրագիրը, շատ հայերու համար, արմատները վերագտնելու եւ մայրենի լեզուն սորվելու միջոց դարձաւ»։ Դպրոցի ներկայ տնօրէն Ա. Սապան եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ Մ. Մանուկեանը, ոչինչ կը խնայեն, որ աշակերտները օգտուին այս հիանալի հնարաւորութենէն եւ հարստացնեն պատմութեան բնագաւառի իրենց գիտելիքները։ Ուսումը մատչելի է եւ լեզուական խոչընդոտները յաղթահարուած, շնորհիւ ՀՀՀ-ի դասաւանդման բազմալեզու ծրագիրին: Դասընթացքը կը տրամադրուի եւ՛անգլերէն,եւ՛ արեւմտահայերէն լեզուներով.այսպիսով, աւելի կը բարձրանայ նիւթի ընկալման մակարդակը: Աշակերտները ոգեւորուած են: Դալար Փոնդիկեանը կը նշէ. « Շնորհակալ եմ ՀՀՀ-ին, այս առիթը ընձեռնելուն: Տուպէյի հայկական գաղութին համար, հայոց պատմութիւն սորվելու լաւագոյն միջոցը այս ծրագիրն է: Իսկական հաճոյք է ՀՀՀ-ի միջոցով պատմութիւն սորվիլը: Ես ուրախ եմ, որ կրնամ իմ հայրենիքիս պատմութիւնը սորվիլ, այս ծրագիրի միջոցով»: Օհաննէսեան դպրոցի հետ համագործակցութեան հիմքը ամուր է եւ խոստմնալից՝ ապագային աւելի շատ աշակերտներ ներգրաւելու առումով: