login
Յօդուածներ
Հայկական Կրթութիւնը ՀՀՀ-ի Մէջ ՀՀՀ-ի Առաջադէմ Ուսանող Մարիա Ինէսի Պատմութիւնը 02/11/2011

Մարիա Ինէսի հայրը հայ է, իսկ մայրը՝ իսպանացի: Ան ծնած է Վենեզուէլլա եւ համալսարանական կրթութիւն ստանալու համար Քալիֆորնիա փոխադրուելէն առաջ ապրած եւ սորված է Պուէնոս Այրէսի մէջ: Համալսարանը աւարտելէ ետք ան իր ընտանիքին հետ Իտալիա կը տեղափոխուի: Հայկական մշակոյթին հետ Մարիա Ինէսի շփումը սկսած է դեռ դպրոցական տարիքէն, սակայն ան չէ կրցած իրագործել իր փափաքը եւ կատարելագործել հայերէնի իմացութիւնը երկար տարիներու թափառումներուն եւ բազմազբաղութեան պատճառով:

Դպրոցական տարիներուն Մարիան շատ սիրած է մարմնամարզութիւն, թատրոն, լեզուներ եւ արուեստ: Ան Արժանթինի հայկական երգչախումբին մէջ երգած եւ հայկական պարախումբին մէջ պարած է երկար ժամանակ: Դպրոցը աւարտելէն ետք ֆրանսերէն դասաւանդած, ապա Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ ճարտարապետութիւն եւ քաղաքաշինութիւն ուսանած է:

Մարիան շատ հետաքրքրասէր մարդ է, ուստի միշտ կը ջանայ սորվիլ եւ ընդլայնել իր մտահորիզոնը, հարստացնել իր ընդունակութիւնները: Հետաքրքրասէր ըլլալէն զատ ան նաեւ գործունեայ է եւ մարդոց օգնելու, անոնց նեցուկ ըլլալու եւ օժանդակելու համար տարբեր միջոցառումներ կը ձեռնարկէ:

Երիտասարդ տարիքին երկու տղայ ունենալը չխանգարեց Ինէսին որ տեղափոխուի Քալիֆորնիա, ուր յաճախեց Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանը եւ յաջողութեամբ աւարտեց այն:

ամալսարանը աւարտելէ ետք ան իր երկու որդիներուն հետ վերադարձաւ Արժանթին, ուր հանդիպեցաւ իր ապագայ ամուսինին: Անոնք որոշեցին տեղափոխուիլ Իտալիա եւ հաստատուիլ Սարտինիա քաղաքին մէջ, ուր եւ իրենց երրորդ որդին ունեցան:

Մարիան իր Հայրական տունին մէջ միշտ իսպաներէն խօսած է: Անոր յաճախած նախակրթարանի ուսուցիչները տեսալսողական եղանակը կը կիրարկէին, իսկ միջնակարգ դպրոցը կը հետեւէր պետականօրէն ընդունուած ծրագիրին որ յագեցած էր իսպաներէնով: Բնականաբար հայերէնի սակաւաթիւ ժամերը այն զարգացնելու համար բաւարար չէին: Ըստ էութեան Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Մարիան հայերէն խօսելու առիթ չէ ունեցած ո՛չ համալսարանը, ո՛չ տունը պզտիկներուն հետ, ոչ ալ իր շրջապատը նպաստած է իր լեզուի բարելաւմանը: Սակայն Մարիա Ինէսը իր մշակութային հետաքրքրութիւնները այլ եղանակներով կրցած է բաւարարել՝ հետեւելով խոհարարական դասընթացքներու, մասնակցելով պարի եւ երգի փորձերու, ինչպէս եւ հաղորդակցուելով Արժանթինի հայկական համայնքի միւս ներկայացուցիչներուն հետ: Սարտինիա քաղաքին մէջ հայկական համայնքի բացակայութիւնը անոր համար նոր դժուարութիւններ կը ստեղծէ:

Մարիա Ինէսի հայերէն սորվելու եւ այն կատարելագործելու երկար տարիներու չիրագործուած փափաքը իրականացաւ ՀՀՀի ընձեռած հնարաւորութեամբ: Ան հայերէնը կիրառելու նոր կարելիութիւններ բացայայտեց, իր գրաւոր եւ բանաւոր խօսքը զարգացնելու նոր եղանակներ յայտնաբերեց: Ու Ինէսը իր օնլայն ուսուցիչներուն, ինչպէս եւ իր աշխատասիրութեան շնորհիւ մէկ տարուան ընթացքին հասաւ նշանակալի արդիւնքներու: Ան իր դասընթացքը այբուբենէն սկսաւ, որ հնարաւորութիւն ունենայ վերյիշելու մոռցածը. «Ես ամբողջացուցի թերի մնացածը եւ կատարելագործեցի ինչ որ անկատար էր: Այս ամբողջը իր բովանդակութեամբ ճարտարապետական կառոյց մը վերականգնելուն շատ նման է»,- ըսաւ Մարիան եւ յաւելեց. «Ես կը փափաքիմ որ հայերէնս այնքան զարգանայ եւ կատարելագործուի, որ հայկական որեւէ միջավայրի մէջ կարելիութիւնը ունենամ հանգիստ հաղորդակցուելու բոլորին հետ»:

Մարիան հիմա Իտալիոյ մէջ որպէս ճարտարապետ կ’աշխատի: Ան հետաքրքրուած է ճարտարապետական ներքնայարդարմամբ եւ տարբեր քաղաքներու մշակոյթներով: Ան նաեւ իր դպրոցին կ’օգնէ շրջագայութիւններ կազմակերպելու Եւրոպայի մէջ:
«Ուրախ եմ որ կարելիութիւն ունիմ աջակցելու Արժանթինի Մխիթարեան վարժարանին, հաստատութիւն մը, որուն երախտապարտ եմ ինծի տուած լաւ եւ բարձրորակ կրթութեան համար»,- ըսաւ Մարիան:

Մարիայի բազմամշակութային եւ բազմաշերտ կրթութիւնը, հետաքրքրութիւններու լայն ծիրը մեծապէս նպաստեցին որ անոր մէջ իր նախնիներու լեզուն սորվելու, իր ինքնութեան էութիւնը գիտակցելու փափաքը ամրանայ եւ որոշիչ դառնայ, ինչը կարեւոր ազդակ դարձաւ եւ օգնեց իրեն ՀՀՀի մէջ սորվելու ընթացքին:

Ես Սարտինան իր անզուգական եւ հրաշալի բնութեան, Արժանթինը՝ կիրքին, Ամերիկան՝ զօրութեան եւ կորովին, Իտալիան՝ աշխատելու ուժ եւ եռանդ տալուն եւ Հայաստանը՝ իր խորիմաստութեան համար կը պաշտեմ»,- ըսաւ Մարիա Ինէսը: