login
Յօդուածներ
Համագործակցութեան Նոր Հեռանկարներ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան Դպրոցին Հետ, ԱՄՆ 01/11/2017

ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցը (ԱՄՆ) տարիներ շարունակ մասնակցած է ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին։ Սակայն, դպրոցի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները ընդարձակուեցան, ՀՀՀ-ի ակադեմական տնօրէն Դոկտոր Յասմիկ Խալափեանի այցելութենէն ետք։

11 Յունուար 2017-ին, Դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը դպրոցի ուսուցիչներուն ներկայացուց ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը։

Դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը խօսեցաւ ՀՀՀ-ի առցանց ուսուցման հնարաւորութիւններուն մասին։ Ներկայացուց ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը, որ յաջողութեամբ կը զուգորդէ առցանց եւ աւանդական կրթութեան առաւելութիւնները։ Անդրադարձաւ հայկական այն դպրոցներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք հիպրիթ մեթոտը կիրառած եւ յաջողութիւններ արձանագրած են։ Ի դէպ, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցը եւս, 2011 թուականի ձմեռնային ուսումնական շրջանէն, մասնակցած է ՀՀՀ-ի ճարտարապետութեան եւ երաժշտութեան դասընթացքներուն։ Ուսուցիչներուն պարզ դարձաւ, նաեւ, որ հիպրիթ ծրագիրը կարելի է ներառել դպրոցական ուսումնական ծրագիրէն ներս՝ ապահովելով նոր սերունդի ուսումնառութիւնը՝ նորարար եւ գրաւիչ ոճերով:

Հանդիպումը դրական էր. շատ ուսուցիչներ փափաքեցան միանալ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին։