login
Յօդուածներ
Մոսկուայի Հայորդաց Տան Ուսանողները Տեղեկութիւն Ստացան ՀՀՀ-ի Մասին 03/28/2016
ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը հայկական գաղութներուն ծանօթացնելու նպատակով կատարուած հանդիպումներու ծիրէն ներս, ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեանը այցելեց Մոսկուա, 28 Մարտ 2016-ին։ Հանդիպում ունեցաւ Նոր Նախիջեւանի թեմի Հայորդաց Տան ուսանողներուն հետ։ Հանդիպումին մասնակցեցաւ, նաեւ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերացիայի փոխնախագահ Պրն. Սմբատ Լպուտեանը։ Դոկտ. Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի առցանց ծրագիրը՝ ընդգծելով առաքելութիւնը եւ նպատակները: Նաեւ, ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի երիտասարդական ծրագիրները, խրախուսելով, որ երիտասարդները, աշխուժօրէն մասնակցին։ Պրն. Սմբատ Լպուտեան նշեց ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց ծրագիրի կարեւորութիւնը եւ առաւելութիւնը։ Հայորդաց Տան տնօրէն Պրն. Հմայեակ Գէորգեանը հաստատեց, որ այսպիսի հանդիպումներ եւ ծրագիրներ կ՚օգնեն հայրենիքէն հեռու ապրող երիտասարդներուն, որ տեղեկութիւն ստանան Հայաստանի մասին, հաղորդակցին հայ ուսանողներու հետ եւ կառչած մնան իրենց արմատներուն։