login
Յօդուածներ
Լոս Անճելըս-ՀՀՀ-ն Կ՚Օգնէ, Որ Հայերը Հաղորդակցին 04/01/2016
Լոս Անճելըսի Ս. Ճէյմս եկեղեցւոյ կից գործող հայկական դպրոցի եւ ՀՀՀ-ի միջեւ համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ 2014-ին, երբ դպրոցի տնօրէնութիւնը դիմեց ՀՀՀ-ին, առցանց դասընթացքները դպրոցի ծրագիրին մէջ կիրառելու նպատակով: ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը, իր նորարարական եւ գրաւիչ մեթոտներով, կը բաւարարէր կիրակնօրեայ դպրոցի պահանջքները: Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Կէյլ Չելէպեանը ՀՀՀ-ի մասին տեղեկութիւն ստացած էր համացանցէն: Ան կը փափաքէր մշակել յատուկ ծրագիր մը, հայերէն լեզուի դասաւանդման համար, որ կը համատեղէր եւ՛ աւանդական ե՛ւ առցանց կրթութեան առաւելութիւնները: Շուտով, վերապատրաստման հանգրուանէն ետք, ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի առցանց դասընթացքը ներկայացուեցաւ աշակերտներուն: Աշակերտները առիթն ունեցան սորվելու արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուները, դպրոցի ուսուցչուհի Ռաքէլ Բարսեղեանի եւ ՀՀՀ-ի անգլիախօս ուսուցչուհիի աջակցութեամբ: ՀՀՀ-ի միջոցով հայերէն սորվիլը հետաքրքրական է թէ՛ աշակերտներուն,թէ՛ ուսուցիչներուն: Աշակերտներէն մէկը, Նաթալի Շետոթը կ՚ըսէ.« ՀՀՀ-ն , մեզի համար, մայրենի լեզու սորվելու հիանալի միջոց է»: Ուրիշ աշակերտ, Փիթըր Չելեպեանը կը հաստատէ.« Իմ դասընթացքիս էջը միշտ կ՚օգտագործէի, նոյնիսկ երբ դասարանին մէջ չէի: Իսկապէս հրաշալի ծրագիր է»: Համագործակցութենէն մէկ տարի ետք Ս. Ճէյմս կիրակնօրեայ դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Ռաքէլ Բարսեղեանը՝ ամփոփելով հիպրիթ կրթութեան դրական արդիւնքները, կը նշէ. «Մէկ պահուան ընթացքին, 20 վայրկեան իմ մշակած ծրագիրին եւ 20 վայրկեան ՀՀՀ-ի առցանց դասերուն տրամադրելով, իմ աշակերտներս ստացան լաւագոյն արդիւնքը, երկու կրթական աշխարհներէն: Հիանալի մեթոտ է…: Ուրախ ենք, որ մեր կիրակնօրեայ դպրոցը որդեգրեց այս ծրագիրը»: ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը միշտ կը ներգրաւէ նոր դպրոցներ, որոնք կու գան համալրելու ՀՀՀ-ի բարգաւաճող առցանց համայնքը: