login
Յօդուածներ
Պէյրութի Հայ Աւետարանական Դպրոցը Կը Միանայ Հիպրիթ Ծրագիրին 02/17/2017
Պէյրութի Հայ Աւետարանական Դպրոցի եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի համագործակցութեան հիմքը դրուած է 2017-ի գարնանային ուսումնական շրջանի սկիզբը` ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ջանքերով։ ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթական ծրագիրը նախատեսուած է այն դպրոցներուն, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումնական ծրագիրներուն կողքին կիրառել ուսումնական նոր ոճեր։ Հայկական Աւետարանական Դպրոցի տնօրէնութեան կարծիքով, հիպրիթ ծրագիրը հրաշալի միջոց է։ Տնօրէնութիւնը այս ծրագիրի մասին տեղեկութիւն ստացած է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Լիբանան-Հայաստան տեսաժողովի ընթացքին ( 24 Փետրուար, 2017 )։ Դպրոցի փոխ-տնօրէն՝ Արմէն Իւրնէշլեանը, ստանձնեց հիպրիթ դպրոցի ուսուցիչի պաշտօնը։ Ապա, 10 ուսանող արձանագրուեցան ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէն լեզուով երաժշտութեան դասընթացքին։