login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Հիմնադիրը Կ՚այցելէ Արմէնոպոլիս Պատմական Քաղաքը 06/10/2015
ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, Ռումանիա կատարած ուղեւորութեան ընթացքին, այցելեց պատմական Արմէնոպոլիս (այժմ՝ Կեռլա) քաղաքը, որ հաստատած են հայերը, Դրանսիլվանիոյ մէջ, երեք դար առաջ: Այստեղ, Ս. Սողոմոն եկեղեցւոյ մէջ, հանդիպում ունեցաւ Արմէնոպոլիսի հոգեւոր առաջնորդներուն եւ հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։ Կեռլայի հայերը ողջունեցին Դոկտ. Զօրեանը եւ ոգեւորութեամբ լսեցին ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին: Անոնք նշեցին, որ ՀՀՀ-ի ծրագիրները կրնան խթանել հայոց լեզու եւ պատմութիւն սորվելու ցանկութիւնը՝ աւանդական միօրեայ դպրոցներուն մէջ: Փաստօրէն, ժամանակակից ճարտարագիտութեամբ յագեցած հայագիտական դասընթացքները գաղութի երիտասարդները կրնան աւելի գրաւել, քան որեւէ այլ աւանդական կրթական համակարգ: Պատմական Արմէնոպոլիսի հայերու ջերմ ընդունելութիւնը եւ ազատ քննարկումները, մեծապես նպաստեցին, որ հաստատուին համագործակցութեան տարբեր ոլորտներ՝ ինչպէս հիպրիդ (խառը) մեթոտի կիրառումը դպրոցներուն մէջ, ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ դառնալու ծրագիրը, եւ այլն…։ Անշուշտ, հնարաւորութիւնները անսահման են, երբ կը խօսինք կրթութեան մասին։