login
Յօդուածներ
ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Երիտասարդ Առաջնորդներու Դպրոց» Ծրագիրի Մասնակիցները ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Այցելեցին 07/17/2012
17 Յուլիս, 2012-ին Սփիւռքի նախարարութեան նախատեսած երիտասարդ առաջնորդներու խումբը, որը 20-30 տարեկան ղեկավարներէ եւ հայկական կառոյցներու երիտասարդ ներկայացուցիչներէ բաղկացած խումբ մըն է, այցելեց ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը ծանօթանալու ՀՀՀ-ի գործունէութեան հետ: Խումբին դիմաւորեցին ՀՀՀ-ի վարչական մասի տնօրէն Աննա Ենգիպարեանը եւ ՀՀՀ-ի օնլայն ոսուցիչ, հիպրիդ ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը: Վերջինս օնլայն կրթութեան առանձնայատկութիւններու մասին խօսեցաւ, ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը ներկայացուց, օնլայն դասերէն որոշ օրինակներ ցոյց տուաւ, ինչպէս նաեւ ՀՀՀ-ի ուսուցման ձեւերու մասին խօսեցաւ (անհատական եւ խմբային): Հանդիպումի աւարտին մասնակիցներէն մէկ քանին մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցոյց տուին համալսարանի գործունէութեան եւ անոր առաջարկած դասընթացքներուն ու լրացուցիչ մանրամասներ եւ տեղեկութիւններ ուզեցին` իրենց համայնքին մէջ, իրենց ընկերներուն ՀՀՀ մասին պատմելու: